2016-01-18 14:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''մեր սրտերը բանանք Սուրբ Հոգիին նորութիւններուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 18 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ­, Ֆրանչիկսոս Պապ զգուշացուց փակ սիրտ մը ունենալէն, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրբ Հոգիէն եկած նորութիւնը ընկալել։

 ''Այն քրիստոնեաները որոնք կանգ կ՝առնեն ըսելով, թէ միշտ այսպէս գործած ենք, ունին փակ սիրտ մը՝ Սուրբ Հոգիին անակնկալներուն նկատմամբ, եւ երբեք պիտի չի հասնին ճշմարտութեան ամբողջականութեան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը ակնարկեց Աստուծոյ ժողովուրդին որ պատերազմի մը յաղթանակէն ետք կ՛ուզէ`  աւանդութեան համաձայն, կենդանիներու զոհ մատուցանել,  Տէրը  սակայն  այս անգամ չ՛ուզեր որ ժողովուրդը զոհ մատուցանէ  այլ կ՛ուզէ որ հնազանդին իր կոչին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց  թէ  օրէնքը եղած է  մարդու եւ Աստուծոյ ծառայութեան համար  եւ ճիշդ ասոր համար է որ  մարդը պէտք է բաց սիրտ ունենայ։ ''Միշտ այսպէս ըրած ենք'' ըսելով մեր սիրտը փակ կը պահենք, եւ ուշադիր չենք ըլլալ  Յիսուսի խօսքերուն զոր ըսաւ ''Սուրբ Հոգին պիտի ուղարկեմ եւ ձեզ  պիտի առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւն''։

Այս է եկեղեցւոյ այսօրուայ  պատգամը։  Ասոնք են նաեւ Յիսուսի հնչեցուցած զօրաւոր  խօսքերը  ''նոր գինին լեցնել նոր թակոյկներուն մէջ։ Սուրբ Հոգիին նորութիւններուն ու Աստուծոյ անակնկալներուն առջեւ մեր սովորութիւնները պէտք են վերանորոգուիլ'' ըսաւ Սրբազան Հայր ապա եզրակելով իր քարոզը յարեց ''Թող Տէրը  մեզի բաց սիրտ մը ունենալու շնորհքը պարգեւէ. Սիրտ մը բաց Սուրբ Հոգիի ձայնին,  որ գիտէ  ընտրել այն ինչ որ պէտք չէ փոխուի` որովհետեւ հիմնական է եւ  այն ինչ որ պէտք է փոխուի` որպէսզի կարենանք Սուրբ Հոգիին նորութիւնները ընկալել։








All the contents on this site are copyrighted ©.